Jump to content

Տարրաբանութիւն

Տարրաբանութիւն (արաբերէն՝ کيمياء‎, անգլերէն՝ Chemistry, ֆրանսերէն՝ Chimie) կամ քիմիագիտութիւն, ճշգրիտ գիտութիւն է, որ կ'ուսումնասիրէ նիւթերու յատկութիւններու[1], կառուցուածքի, բաղադրութեան, անոնց փոխարկումներու, ուղեկից երեւոյթներու, փոխարկումներու ժամանակ յառաջացած նիւթերու յատկութիւններու մասին։ Անիկա ժամանակակից բնագիտութեան կարեւորագոյն եւ ընդարձակ բաժիններէն մէկն է, որ կ'ընդգրկէ օրէնքներու, սկզբունքներու, ինչպէս նաեւ տեսական պատկերացումներու համակարգ մը, որ կը նկարագրէ նիւթերու փոխարկումները եւ կու տայ անոնց բացատրութիւնը։ Եւ վերջապէս տարրաբանութիւնը գիտութիւն է քիմիական տարրերու, անոնց միացումներուն, ինչպէս նաեւ այն օրինաչափութիւններու մասին, որոնց կ'ենթարկուին քիմիական շարժումները։ Այլ հնարաւոր անուանումներն են հին յուն․՝ χυμος — «հիւթ», «Էսսենցիա», «համ», հին յուն․՝ χυμα — «խառնուրդ (մետաղական)», «ձուլում», «հոսք», հին յուն․՝ χυμευσις — «խառնում»)։ Տարրաբանութիւնը ունի մեծ կապ բնագիտութեան, բնաքիմիագիտութեան, երկրաքիմիագիտական եւ կենսաբանութեան հետ[2], ըստ էութեան սահմանը անոնց միջեւ պայմանական է։

Տարրաբանութեան Ենթաբաժիններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տարրաբանութիւնը կազմուած է երեք հիմնական ենթաբաժիններէ՝ ընդհանուր, անօրկանական եւ օրկանական։ Օրկանական տարրաբանութիւնը հիմնականին կ'ընդգրկէ ածխածնի միացումներու, իսկ անօրկանական տարրաբանութիւնը՝ միւս բոլոր տարրերու միացումներու ուսումնասիրութիւնը։ Ընդհանուր տարրաբանութեան ուսումնասիրման ոլորտը քիմիական բոլոր փոխարկումներուն վերաբերուող օրինաչափութիւններն են։

Տարրաբանութեան Պատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Քիմիական Նիւթեր

Քիմիական երեւոյթներու գիտցուած օգտագործման մասին առաջին տեղեկութիւնները կը վերաբերին Հայաստանի, Միջագետքի, Եգիպտոսի եւ Չինաստանի տարածքներուն։ Հայաստանի տարածքին մետաղներ ու համաձուլումներ ստացուած եւ Միջագետք, Ասորեստան ու այլուր արտահանուած են թերեւս ք.ա. 4-րդ հազարամեակին։ Կ'ենթադրուի, որ հանքային երկաթը առաջին անգամ օգտագործուած է Հայաստանի մէջ ք.ա. 15-րդ դարուն։ Խաղողահիւթի սպիրտային ու կաթնաթթուային խմորումները, քացախի, գինիի եւ գարեջուրի ստացումը հայերու մօտ յայտնի եղած են թերեւս ք.ա. 8-րդ դարէն։ Միջնադարեան Հայաստանի մէջ քիմիական գիտելիքներու բարձր մակարդակի մասին կը վկայէ ոչ միայն ոսկի, արծաթ, պղինձ, այլեւ մալաքիտ, անուշադր, պաղլեղներ, որդան կարմիր, աղաղանիւթեր, օծանելիք արտահանելու փաստը։ Նիւթերու հետ միաժամանակ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի երկիրներ փոխանցուած են նաեւ ալքիմիական գիտելիքներ։ Ալքիմիական այլալեզու ձեռագիրներուն մէջ յաճախ կը հանդիպին հայկական կաւ, հայկական աղ, հայկական ձու եւ այլ արտայայտութիւններ։ Ըստ ռուս ակադեմիկոս Ն. Ֆիկուրովսկիի՝ քիմիական գիտելիքները Ռուսաստան անցած են մասամբ Հայաստանէն։ Հայ ալքիմիկոսները զբաղած են ներկերու, թանաքներու, ջնարակներու, սոսինձներու, դեղանիւթերու պատրաստութեամբ։

Ալքիմիագիտութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ալքիմիագիտութիւնը փիլիսոփայական քարի որոնումներուն մէջ

Ալքիմիագիտութիւնը նախագիտական տարրաբանութիւնն էր, որը ձեւաւորուած էր 3–4-րդ դարերուն Եգիպսոտի մէջ։ Անիկա միջնադարեան մշակոյթի իւրայատուկ շերտ է։ Երբ տարրաբանութիւնը դրուեցաւ գիտական հիմքերու վրայ, ալքիմիագիտութիւնը սկսեցան անվանել հասարակ մետաղներէ ազնիւ մետաղներ (ոսկի, արծաթ) ստանալու կեղծ արհեստ, որովհետեւ ալքիմիկոսները բոլոր մետաղները կը դիտէին որպէս ծծումբի ու սնդիկի միացում։ Ալքիմիկոսները ունէին յատուկ ծածկագիրներ, որոնցմէ շատերը մինչեւ այսօր ալ չեն վերծանուած։ Ոսկին ծածկագրուած էր արեւի, արծաթը՝ լուսինի, իսկ միւս յայտնի հինգ մետաղները՝ այն ժամանակ յայտնի մոլորակներու նշաններով։

Ալքիմիկոսներու Ուսումնասիրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ալքիմիկոսներու ուսումնասիրութիւնները նպաստեցին տարրաբանութեան՝ որպէս գիտութեան ձեւաւորման ու զարգացման. ստացուեցան բազմաթիւ նոր նիւթեր, զարգացան մետաղաձուլումը, ապակեգործութիւնը, խեցեգործութիւնը, ներկերու, թուղթի, օճառի, ոգելից խմիչքներու արտադրութիւնները։ Քաղաքներու աճը եւ վարակիչ հիւանդութիւններու տարածումը հանգեցուցին բժշկական տարրաբանութեան՝ եատրոքիմիագիտութեան ստեղծման։ Գիտական տարրաբանութեան ձեւաւորման սկիզբը կը համարուի 17-րդ դարու 2-րդ կէսը, երբ անգլիացի գիտնական Ռ. Պոյլը տուաւ քիմիական տարր հասկացութեան առաջին գիտական սահմանումը։ 18-րդ դարու կէսերուն ռուս գիտնական Մ. Լոմոնոսովը մշակեց նիւթի կառոյցի ատոմամոլեքուլային ուսմունքը, իսկ 18-րդ դարու 2-րդ կիսուն ֆրանսացի քիմիկոս Ա. Լավուազիէի կողմէ քիմիական շարժումներու նիւթի զանգուածի պահպանման օրէնքի ձեւակերպումով աւարտեցաւ քիմիան իսկական գիտութեան վերափոխուելու շրջանը։ 19-րդ դարի սկիզջը անգլիացի գիտնական Ճ. Տալթոնը ստեղծեց քիմիական ատոմիստիկայի հիմունքները, իսկ իտալացի գիտնական Ա. Աւոկատրօն ներմուծեց մոլեքուլ հասկացողութիւնը։ Նիւթի կառոյցի ատոմամոլեքուլային պատկերացումները հաստատուեցսն 1860-ական թուականներուն, երբ ռուս քիմիկոս Ա. Պուտլերովը մշակեց օրկանական միացումներու կառուցուածքի տեսութիւնը, իսկ Դ. Մենտելեյեւը բացայայտեց պարբերական օրէնքն ու կազմեց տարրերու պարբերական համակարգը։

Ժամանակակից Քիմիագիտութեան Առանձին Ուղղութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժամանակակից տարրաբանութեան առանձին ուղղութիւնները՝ անօրկանական տարրաբանութը, բնագիտական տարրաբանութիւնը, օրկանական տարրաբանութիւնը, ելեկտրաքիմիագիտութիւնը, վերլուծական տարրաբանութիւնը, դեղագործական տարրաբանութիւնը, պոլիմերներու տարրաբանութիւնը եւ այլն, վերածուած են առանձին գիտութիւններու։ 19-րդ դարու վերջէն տարրաբանութտարրաբանութեան կարեւոր ուղղութիւն է քիմիական շարժումներու ընթացքի օրինաչափութիւններու ուսումնասիրութիւնը։

Բնական Գիտութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տարրաբանութեան հետ սերտ շփման պայմաններուն մէջ կը զարգանան կենսատարրաբանութիւնը (անգլերէն՝ Biochemistry), ակրոքիմիագիտութիւնը, երկրաքիմիագիտութիւնը (անգլերէն՝ Chemical Engineering) եւ այլ քիմիական գիտութիւններ։ Քիմիական արուեստագիտութիւնը կը զբաղի արտադրական մասշտաբներով քիմիական նիւթերու ստացման գիտական ու արուեստական հարցերու մշակումով եւ իրականացմամբ։

Տարրաբանութիւնը, ինչպէս բժշկութիւնն ու կենսաբանութիւնը, ունի առանձնայատուկ լեզու, որմով կը նշանակուին եւ կ'անուանուին քիմիական միացումները։ Այդ լեզուի կանոնները համակարգող ուղղութիւնը կը կոչուի քիմիական անուանակարգութիւն (նոմենկլատուրա)։ Ազգային (հայերէն) քիմիական անվանակարգութիւն մշակած ու 19-րդ դարուն օգտագործած են Մխիթարեան միաբանութեան բնագէտները, որ ներկայիս մասամբ կը գործածուի։

Քիմիական շարժումները կը պատկերեն քիմիական հաւասարումներով։ Մեր շուրջը ամէնուր կ'ընթանան բազմաթիւ ու բազմատեսակ շարժումներ, որոնցմով բնութիւնը կը նորոգուի ու կը վերականգնուի, թափոնները կը նեխին ու կը վերանան, քիմիական գործարաններուն մէջ կը համադրուին բազմազան նիւթեր։ Այսպիսով, մարդը ամէնուր եւ ամէն պահու կ'առնչուի քիմիական շարժումներու հետ, որոնց խելամիտ ու նպատակային օգտագործման համար անհրաժեշտ է սորվիլ այս զարմանահրաշ ու շատ պիտանի գիտութիւնը։

Տարրաբանութիւնը Հայաստանի Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի մէջ քիմիական առաջին գիտական օճախը ստեղծուած է 1921 թուականին Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ, ուր Ս. Ղամբարեանի, Ա. Յակոբեանի, Լ. Ռոտինեանի, Պ. Քալանթարեանի, Հ. Ակունեանի եւ այլոց ջանքերով ձեւաւորուած է հայկական քիմիական դպրոցը։ Անոնք ուսումնասիրած են այդ շրջանի տնտեսութեան համար կարեւոր հարցեր, հետազոտած են Արարատեան դաշտի կրաքարերը, կաւահողերը, մերձարաքսյեան ճահիճները, բազալտներն ու ատոնց հալման արգասիքները։ Ներկայիս քիմիական գիտութիւնը Հայաստանի մէջ գիտութեան զարգացած ճիւղերէն է. կը գործեն շարք մը քիմիական հաստատութիւններ ու տարրալուծարաններ։

Հայ Յայտնի Քիմիկոսներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ յայտնի քիմիկոսներէն են Ա. Մնջոյեանը, Ա. Նալպանտեանը, Մ. Մանուէլեանը եւ ուրիշներ։

  • Կ'ենթադրուի, որ տարրաբանութիւն անուանումը յառաջացած է հին յունարէն «քեմիա»՝ մետաղներ ձուլելու, ոսկի եւ արծաթ ստանալու արուեստ բառէն, որ իր հերթին կը ծագի Հին Եգիպտոսի՝ «սեւ հողի երկրի»՝ «քամ» կամ «քեմի» անուանումէն, ուր այդ արուեստը, թերեւս, ամէնէն առաջիններէն զարգացած է։
  • Սահակ Ծաղկարարը կարեւոր ուսումնասիրութիւններ կատարած է գործնական տարրաբանութեան բնագաւառին մէջ։ 1815–30 թուականներուն ան զբաղված է արարատեան որդան կարմիրէն ներկանիւթ ստանալու հարցերով։

Տարրաբանութեան Մասին Ձեռագիրներ Մատենադարանին Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մատենադարանի ձեռագիրներուն մէջ կ'առանձնանան նաեւ տարրաբանութեան վերաբերող աշխատանքները, որոնք կը ներկայանան Յովհաննէս Երզնկացիի (1283) «Վասն նիւթի ու տեսակի», ինչպէս նաեւ անանուն հեղինակներու «Խրատք ոսկւոյ հալելու» (16-րդ դար) եւ «Դեղաբուսակ» խորագիրները կրող երկերով, հետաքրքրական է, որ վերջին աշխատանքին մէջ տրուած են նաեւ դեղաբոյսերու նկարները եւ անոնց պարսկերէն անունները, որպէսզի օգտուողները դեղեր պատրաստելէն չշփոթեն բոյսերը։

Յովհաննէս Երզնկացին զանազան տեղեկութիւններ կը յայտնէ աղերու, հանքերու, թթուներու, կազերու միացման կամ տարազատման ժամանակ յառաջացող նոր նիւթերի վերաբերեալ։ Ան կը գտնէ, որ բնութեան հիմքին մէջ ինկած նիւթը յաւիտենական է, անիկա կրնայ փոխել իր որակը, վերածուիլ այլ նիւթի, բայց երբէք չի ոչնչանար։

Մատենադարանին մէջ պահուող մատեանները իրենց թերթերուն վրայ փայլփլող ընդմիշտ թարմ ներկերով ու թանաքներով, կազմերու կաշիով, արծաթով եւ բազմաստիճան մշակում ստացած մագաղաթով եւ զանազան այլ մանրամասներով անառարկելիօրէն կը վկայեն միջնադարեան Հայաստանին մէջ գոյութիւն ունեցած համապատասխան քիմիական գիտելիքներու, սարքաւորումներու ու միջոցներու մասին, որոնց առկայութեամբ միայն հնարաւոր է արտադրել նշուած նիւթերը։ Գրիչներն ու նկարիչները երբեմն կը յայտնեն ներկերու ու թանաքներու ստացման եղանակներն ու դեղատոմսերը, որոնց ուսումնասիրութիւնը կրնայ նպաստել բարձրորակ ներկեր ստանալու գործին։

Պարբերական Համակարգ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մենտելեյեւի պարբերական համակարգ անգլերէն՝ The Periodic Table

Քիմիական եւ Բնագիտական Մեթոտի Անալիզներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Սպեցտրոսկոպիկ մեթոտները
  • Սպեկտրալ վերլուծում
  • Վերլուծումներ
  • Քրոմատագրումը
  • Անալիտիկ տարրաբանութիւն

Արտաքին Յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Brown Theodore L., LeMay, Jr. H. Eugene, Bursten Bruce E., Murphey Catherine J., Woodward Patrick M., Stoltzfus Matthew W., Lufaso Michael W. (2018)։ «Introduction: Matter, energy, and measurement»։ Chemistry: The Central Science (անգլերէն) (14th հրտրկթն․)։ New York: Pearson։ էջեր 46–85։ ISBN 9780134414232 
  2. Carsten Reinhardt. Chemical Sciences in the 20th Century: Bridging Boundaries. Wiley-VCH, 2001. 3-527-30271-9. pp.1–2.