Jump to content

Հոլոքոսթ

Յուշարձան Հելմնոյի մէջ

Հոլոքոսթ (The Holocaust - Ողջակիզում, յուն.՝ ὁλόκαυστον), շուրջ 6 միլիոն Եւրոպայի հրեաներու, նաեւ միլիոնաւոր գնչուներու, լեհերու, սովետացի քաղաքացիներու, այլախոհներու, աղանդաւորներու, միասեռականներու ծրագրաւորուած կոտորածները Նացիստական Գերմանիոյ կողմէ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին։[1]

Ֆաշիստական Գերմանիա ցեղասպան պետութիւն էր։ Պետական դիւանակալութեան բոլոր միջոցները ուղղուած էին կոտորածներ եւ ջարդեր իրականացնելու։ Խաղաղ բնակչութիւնը կ'ահաբեկուէր ըստ ազգային պատկանելիութեան: Հրեաները եւ միւս անցանկալի բնակիչները կ'ենթարկուէին հետապնդումներու, կը բռնագրաւուէր իրենց ունեցուածքը, բռնագաղթի կ'ենթարկուէին դէպի համակեդրոնացման ճամբարներ, ուր իրենց վրայ կը փորձարկուէին նոր դեղորայք եւ այլն։

Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կատարուած հայերու ցեղասպանութեան հետ միասին, անիկա կը համարուի Ի. դարու ցեղասպանութեան ամէնէն ահարկու օրինակներէն մէկը։

Ատոլֆ Հիթլեր իր հակամարդկային ծրագիրը կ'արդարացնէր «Ո՞վ կը յիշէ հայերու ջարդը» արտայայտութեամբ։

Հրեաներու Դրութիւնը Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի Տարիներուն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Պոյքոթ հրէական խանութներէն մէկուն մէջ

Երբ կը սկսի Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը, նացիստները կը գրաւեն հրեաներուն զբաղեցուցած ստուար տարածքներ, ինչպէս՝ Լեհաստանը, Պալթեան Երկիրները, Ուքրանիան եւ Պելառուսիան։

Մեծ քաղաքներուն մէջ կը կառուցուին հրէական կեթթօներ, ուր քաղաքներէն եւ արուարձաններէն կ'արտաքսուին հրեաները։

Մեծագոյն կեթթօն ստեղծուած է Վարշաւայի մէջ, որ կը ներառէր 480 հազար հոգի։

ԽՍՀՄ-ի տարածքի մեծագոյն կեթթօներն էին՝ Լվովի կեթթօն (409 հազար հոգի, գոյութիւն ունեցած է Մարտ 1941-էն մինչեւ Յունիս 1943) եւ Մինսքի կեթթօն (շուրջ 100 հազար հոգի լուծարուած է 21 Հոկտեմբեր 1943-ին)։

Մինչեւ հրեաներու զանգուածային բնաջնջման մասին որոշումը ընդունիլը՝ գերմանացիները կը կիրարկեն «հրէական հարցի լուծման» հետեւեալ գաղափարը. «Եւրոպական բնակչութեան կեդրոնացում՝ քաղաքներու մեծ կեթթօներուն մէջ: Ոչ հրեայ բնակչութեան անջատում՝ հրէականէն, հրեաներու լիակատար անջատում՝ հանրային կեանքէն, գոյքի բռնագրաւում, տնտեսական կեանքի բոլոր բնագաւառներէն հրեաներու անջատում, ֆիզիքական ծանր աշխատանքը դարձնել հրեաներու գոյատեւման միակ միջոցը»։

Խմբակային Գնդակահարումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Եւրոպայի սպանուած հրեաներուն նուիրուած յուշարձան Պերլին, Գերմանիա

ԽՍՀՄ-ի մէջ բնակող եւրոպացիները, իբրեւ կանոն, կ'ոչնչացուին իրենց բնակութեան վայրերուն մէջ (գերմ.՝ Einsatzgruppen)։

Օտեսայի գրաւած շրջաններու հրեաներու ոչնչացմամբ կը զբաղէր ռումանական բանակը։ Պալթեան երկիրներու, Ուքրանիոյ, Պելառուսիոյ ամբողջ տարածքով մէկ գրեթէ իւրաքանչիւր ոչ մեծ քաղաքի կամ գիւղի կից կը գտնուէին, այսպէս կոչուած, «փոսերը»՝ բնական հեղեղատները, ուր կը վտարէին եւ կը գնդակահարէին տղամարդիկը, կիները եւ երեխաները։

Յունիս 1941-ի վերջին, Քաունասի գերմանացիներուն եւ իրենց լաթվիացի մեղսակիցներուն ձեռքով կը սպաննուին հազարաւոր հրեաներ: Վիլնիւսի 60 հազար հրեաներէն 45 հազարը կը մահանայ Պոնարայի զանգուածային գնդակահարումներու ընթացքին, որ կը տեւէ մինչեւ 1941-ի վերջը։

Սպանութիւններու ալիքը կը տարածուի ամբողջ Լաթվիոյ մէջ։

1942-ին հրէական համայնքներու մնացորդներ կը գտնուին միայն Քանուաս, Վիլնիւս, Շիաուլիա եւ Շվեհչիս քաղաքներուն մէջ։

Լաթվիոյ մէջ քանի մը շաբթուան ընթացքին կ'ոչնչանայ գաւառական քաղաքներու ամբողջ եւրոպական բնակչութիւնը: կը պահպանուին միայն Տաուգավպիլսի, Ռիկայի եւ Լիեպայի համայնքները։ Ռիկայի մէջ բնակող երեսուներեք հազար հրեաներէն քսանեօթը հազարը կը սպաննուի Նոյեմբեր 1941-ի վերջաւորութենէն Դեկտեմբերի սկիզբը։

Այդ օրերուն ալ կ'ոչնչանան Տաուգավպիլսի եւ Լիեպայի հրեաները։ Էսթոնիոյ եւրոպական բնակչութեան զգալի մասը, որ 1940-ին կը հաշուըուէր շուրջ 4,5 հազար, կը յաջողի խուսափիլ մահէն։

14 Յունիս 1941-ին, պատերազմէն ընդամէնը ութ օր առաջ, շուրջ 500 հրեայ եւ 10 հազար էսթոնացի, ԽՍՀՄ-ի ներքին գործերու ժողովրդական կոմիսարիայի միջոցով կը գաղթեն Սիպերիա, շուրջ 500 տղամարդ հրեայ կը զօրակոչուի Կարմիր բանակ կամ կ'ընդունուի կործանիչ գումարտակներ։

Էսթոնիոյ 3,5 հազար հրեաներէն միայն 950-ը չեն կրնար կամ չեն փափաքիր տարհանուիլ։ Շուրջ 2-2,5 հազար հրեայ կը յաջողի տարհանուիլ ԽՍՀ-ի ներքին շրջաններ եւ գերմանացիները կը գրաւեն Թալինը՝ 28 Օգոստոս 1941-ին։

Այն 929 հրեաները, որոնք Էսթոնիոյ մէջ էին, կը գնդակահարուին մինչեւ 1941-ի վերջը՝ Ռիկայէն ժամանած թիւ 1ա խումբին կողմէ, որ կը ղեկավարէր Շտանդարտենֆիւրեր Մարթին Զանտպերկըրը։

Գնդակահարումներ կ'ըլլան Թալինի, Տարտուի եւ Պիարնուի մէջ։

1942-ին փետրուարեան դէպքերը Պերլինի մէջ առիթ կը հանդիսանան, որ Էսթոնիա դառնայ առաջին եւ միակ եւրոպական երկիրը «հրեաներէն ազատ» (գերմ. «Judenfrei»)։

Պելառուսի հրեաներուն միայն փոքրամասնութիւնը կը յաջողի տարհանուիլ քաղաքին խորքերը։

Յունիս 1941-ի Պելոստոկի մէջ կը սպաննուին հազարաւոր հրեաներ։

Հինգ օրուան ընթացքին, Մինսքի եւ անոր շրջակայքը բնակող շուրջ 80 հազար հրեայ կը կեդրոնանան կեթթօներուն մէջ (ստեղծուած էին 20 Յունիս 1941-ին)։ Մինչեւ ձմրան սկիզբը աւելի քան 50 հազար հոգի կը սպաննուի։

Գրաւման առաջին ամիսներուն կը սպաննուի Վիտեբսկի, Գոմելուի, Բոբրույսկի եւ Մոգիլիովի մէջ բնակող հրեաներու մեծամասնութիւնը։

Պելառուսիոյ եւ միւս գրաւուած տարածքներուն մէջ (յատկապէս Սմոլենսկի շրջանին) ստեղծուած քսաներեք կեթթօներէն 12-ը հաշուեյարդարի կ'ենթարկուի մինչեւ 1941-ի վերջը, իսկ յաջորդ վեցը՝ 1942-ի առաջին ամիսներուն։

Արեւմտեան Ուքրանիոյ գերմանացիներուն եւ տեղի բնակչութեան ջարդը կը սկսի Յունիս 1941-ի վերջաւորութեան եւ Յուլիսի սկիզբը ինկած ժամանակահատուածին։

Լվովի մէջ, 30 Յունիս-էն 3 Յուլիս կը սպաննուի չորս հազար հրեայ, իսկ 25-27 Յուլիսին՝ շուրջ երկու հազար։

Լուցկը գրաւելէն քանի մը օր ետք հոն կը սպաննուի երկու հազար հրեայ. քսանեօթը հազար հրեաներէն ճիշդ քսանմէկ հազարը կը սպաննուի Նոյեմբեր 1941-ի։ Կեդրոնական եւ Արեւելեան Ուքրանիոյ այն հրեաները, որոնք չեն կրնար տարհանուիլ մինչեւ գերմանացիներու ժամանելը, կ'իյնան նացիստներու ձեռքը։

Գերմանական զօրքերու ժամանումը արեւելք եւ ԽՍՀՄ-ի հսկայական տարածքներու գրաւումը անոնց կողմէ կը հանգեցնէ անոր, որ նացիստներու ազդեցութեան տակ կ'իյնան այն հրեաները, որոնքյաջողացած էին փախչիլ արեւելեան երկիրներու շրջաններէն մինչեւ պատերազմական գործունէութիւններու սկսիլը։

Ուքրանիոյ մէջ հրէական համայնքներու մեծամասնութիւնը կ'ոչնչանայ առանց հետք ձգելու։

Ուքրանիոյ մէջ ապրող եօթանասուն հրէական կեդրոններէն 43-ը կ'ոչնչանայ 1941-ին, իսկ մնացեալը՝ մինչեւ 1942-ի կէսը։

Հոկտեմբեր 1941-ին, Խրիմի մէջ տեղի բնակչութեան աշխուժ օգնութեամբ կը սպաննուի շուրջ հինգ հազար եւ շուրջ 18 հազար կ'արտագաղթէ։

Լենինկրատեան եւ Նովկորոտեան շրջաններուն, Հիւսիսային Կովկասի եւ Խրիմի հրեաներու ոչնչացումը կ'իրականացուէր տարածքը գրաւելէն անմիջապէս ետք։ Սակայն Կալուժիսկեան եւ Կալինինեան շրջաններու հակայարձակման շնորհիւ այդ տարածքներուն մէջ հրեաներու ամբողջական ոչնչացում տեղի չ'ունենար։

Հրեաներու սպաննութիւնները Հարաւային Ռուսաստանի եւ Հիւսիսային Կովկասի մէջ կը սկսին 1942-ին ամրան։

11 Օգոստոս 1942-ին հրեաներու մասսայական սպաննութիւն տեղի կ'ունենայ Ռոստով-նա-Տոնուի մէջ։ Հրեաները կ'ոչնչացնեն նաեւ յաջորդող օրերուն ընթացքին, մինչեւ քաղաքին ազատագրումը։ Տոնի Ռոստովի երկրորդ գրաւման ատեն, հրեաներու զոհերուն թիւը, տարբեր մասնագէտներու կարծիքով, 15.000-էն 30.000-ի կը հասնի։

«Հրէական Հարցի Վերջնական Լուծումը»

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Վարշաւայի կեթթօ․ 1943-ի Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն

31 Յունիս 1941-ին Հերման Կիորինկ կը ստորագրէ Ռեյնհարտ Հեյդրիխի՝ Կայսերական անվտանգութեան գլխաւոր վարչութեան (գերմ. Reichssicherheitshauptamt) ղեկավար նշանակուելու հրամանը, որ կը դառնայ «հրէական հարցը վերջնական լուծելու» պատասխանատու։

Հոկտեմբեր 1941-ին կը սկսի հրեաներու տարհանումը Գերմանիայէն՝ դէպի Լեհաստանի, Պալթեան երկիրներու եւ Պելառուսիոյ կեթթօներ։

Յունուար 1942-ին Վանզեյսկեան համաժողովին կը հաստատուի «հրէական հարցի վերջնական լուծման» ծրագիրը։ Այս որոշումը չէր ազդարարուած, եւ քիչերը, որոնցմէ ապագայ զոհերը, կրնային հաւատալ, որ Ի. դարուն կրնայ այսպիսի ոճիր մը իրագործուիլ:

Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Հոլանտայի եւ Պելճիքայի հրեաները արեւելք կ'ուղարկուին՝ Լեհաստանի եւ Պելառուսիոյ ճամբարներ եւ կեթթօներ։

Լեհաստանի մէջ կը ստեղծուին մահուան ճամբարներ, որոնք հաշուարկուած չէին բազմաթիւ մարդոց բնակութեան համար, այլ նախատեսուած էին նոր ժամանածներու արագ ոչնչացման համար։

Մահուան առաջին ճամբարներու (Հելմնօ եւ Բելժեց) կառուցման վայրերը արդէն իսկ ճշդուած էին Հոկտեմբեր 1941-ին ։ Լեհաստանի հրեաներու ոչնչացումը կ'անուանուի «Ռեյնհարտի Գործողութիւն»՝ ի պատիւ Մայիս 1942-ին Փրակի մէջ սպաննուած Ռեյնհարտ Հեյդրիխի։

Դեկտեմբեր 1941-ի սկիզբը կը սկսի գործել Հելմնոյի առաջին մահուան ճամբարը, ուր հրեաները կը սպաննեն ածխածինի օքսիտով՝ փակ բեռնատար մեքենաներու մէջ։

Յուլիս 1942-ին կը սկսին մասսայական տարհանումներ Վարշաւայի կեթթոյէն (ստեղծուած կեթթօներէն ամէնէն մեծը) Տրեբլինկի մահուան ճամբար։

Մինչեւ 13 Սեպտեմբեր 1942, կեթթոյին մէջ կը տարհանուի կամ կը մահանայ 300 հազար Վարշաւայի բնակիչ հրեայ։

Լոձ քաղաքի կեթթոյին մէջ կը պահուի 160,000 հրեայ։ Այս կեթթօն կ'ոչնչանայ աստիճանաբար. տարհանման առաջին ալիքը դէպի Հելմնօ կ'իրականանայ Յունուարէն Մայիս 1942 ամիսներուն (Լոձի եւ Կալիշկսեան շրջանի գաւառական քաղաքներու 55 հազար հրեայ), այնուհետեւ տարհանումներու յաջորդ ալիքները Հելմնօ եւ այլ ճամբարներ, իսկ 1 Սեպտեմբեր 1944-ին՝ անիկա վերջնականապէս կը լուծարուի։

Լիուբլիանայի հրէական բնակչութիւնը կ'ուղարկուի Բելժի ոչնչացման ճամբար։

17 Մարտ 1942-էն 14 Ապրիլ 1942 ինկած ժամանակահատուածին մահուան կ'ուղարկուին 37 հազար հրեայ, իսկ չորս հազար հրեայ, որոնք չէին ուղարկուած, կը կեդրոնանան Մայդան-Թաթարական կեթթոյին մէջ։

Մարտ 1942-ի Բելժեց քաղաք կը տեղափոխուին Լիուբլիանայի բոլոր հրեաները։

Մարտ 1942-ին Լվովէն Բելժեց կ'ուղարկուի շուրջ 15 հազար հրեայ, իսկ Օգոստոսին՝ 50 հազար եւս։

Յունիս եւ Հոկտեմբեր 1942-ի հրեաներուն մեծամասնութիւնը Կրակովէն կը տեղափոխուի Բելժեց:

Մարտ 1943-ին հոն մնացած շուրջ վեց հազար հրեայ կը տեղափոխուի Պլաշուվ, իսկ շուրջ երեք հազարը՝ Օսվենցիմ։

Սեպտեմբեր 1942-ի Ռոտոմի, Կելցի, Չենստոխովի եւ Արեւելեան Լեհաստանի այլ քաղաքներու հրեաներու մեծամասնութիւնը կ'ուղարկուի Տրեբլինկա։

Ռադոմսկեան շրջանի 300 հազար հրեաներէն 1942-ի վերջաւորութեան ողջ կը մնայ միայն 30 հազար։

1942-ին կ'ոչնչանայ Արեւելեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի հրեաներու մեծամասնութիւնը եւ Արեւմտեան Եւրոպայի հրեաներուն զգալի մասը։

1943-ի սովետական բանակի յարձակումը, Ստոլինինկրատեան ճակատամարտի դրութեան փոփոխութիւնը եւ Ռոմելի բանակի պարտութիւնը Էլ-Ալամեյնի մէջ կը յանգեցնեն հրեաներու նկատմամբ նացիստներու կոտորածներու արագացման։ Սովետական բանակի արագ յառաջխաղացքը արեւմուտքը կը ստիպէ էսէսները լուծարել կեթթօները եւ աշխատանքային ճամբարները, վերացնել իրենց կատարած յանցագործութեան հետքերը։ Յատուկ ստորաբաժանումներ (գերմ. Sonderaktion 1005) մասայական գնդակահարութիւններու վայրերուն մէջ կը զբաղէին դիակներ այրելով։ Արագ կերպով կը լուծարուին Լեհաստանի, Ուքրանիոյ, Պելառուսի, Լաթվիոյ եւ Լիթուանիոյ կեթթօները եւ ճամբարները։ Կը սկսի հրեաներու մասայական տարհանում Իտալիայէն, Նորվեկիայէն, Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն, Սլովաքիայէն եւ Յունաստանէն Օսվենցիմ, որ կը շարունակուի մինչեւ 1944։ Հունգարիոյ հրեաներու ոչնչացումը կը սկսի, երբ սովետական բանակը կը գրաւէ երկիրին արեւելեան շրջանները։

Պատերազմի Աւարտը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Վարշաւայի կեթթոյի պատի կառուցումը

Ըստ որոշ հետազօտողներու՝ 1943-1945 թուականներուն հրեաներու ոչնչացման ծրագիրը (մինչեւ Մայիս 1945 Գերմանիոյ յանձնումը) կ'իրականանայ երկու երրորդով։

1943-1944 թուականներուն աշխատուժի պակասը, միաժամանակ միլիոնաւոր մարդոց անհիմն սպաննութիւնները կասկածներ կը յառաջացնեն նացիստական վերնախաւի շուրջ «վերջնական լուծման» մօտեցման հարցերուն մէջ։

1943-ին Հիմլեր ողջ մնացած հրեաներուն պատերազմական գործողութիւնները ներգրաւելու մասին հրաման կ'արձակէ։ Պատերազմի վերջին փուլին, երբ անխուսափելի էր Գերմանիոյ պարտութիւնը, որոշ նացիստական կառավարիչներ կը փորձեն օգտագործել հրեաները՝ խաղաղ բանակցութիւններ վարելու համար, մինչդեռ միւս ներկայացուցիչները (յատկապէս Հիթլեր) կը շարունակեն պահանջել ողջ մնացած հրեաներու ամբողջական ոչնչացումը։

Շտուրմբանֆիւրեր Տիտեր Վիսլիցենին Նյուրնբերգեան պրեցեսի կը պնդէ, որ Փետրուար 1945-ին Ատոլֆ Էյխման կը տեղեկացնէ իրեն, որ սպաննուած հրեաներուն թիւը շուրջ 5 միլիոն է։

Հոս ձեզի հետ կը խօսիմ բացարձակապէս անկեղծ… Իրարու հետ մենք կը խօսինք բացէ ի բաց, ինչ որ երբեք չենք ըներ հրապարակային կերպով… Նկատի ունիմ հրեաներու արտաքսումը, հրեաներու ոչնչացումը… Հոս ներկայ գտուողներէն քիչերը գիտեն, թէ ինչ է դիակներու կոյտը, հարիւր, յիսուն, հազար դիակներու կոյտը… Դիմանալ այդ ամէն ինչին եւ պահպանել պարկեշտութիւն… Ասիկա մեր կեանքին մէկ պատմութիւնն է, որ երբեք չէ գրուած եւ չի ալ գրուիր:
- Հայնրիխ Հիմլերի ճառէն. Պոզնան, 4 Հոկտեմբեր 1943


Հոլոքոսթի Տարբերակիչ Յատկանիշներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հայնրիխ Հիմլեր
  1. Կանխամտածուած փորձ, ողջ ազգի մը ամբողջական ոչնչացում, որ կը հանգեցնէ Եւրոպայի հրեաներու 60%-ի ոչնչացման, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհի հրեաներու մէկ երրորդի ոչնչացման։
  2. Գնչուներու մէկ քառորդէն մինչեւ մէկ երրորդի ոչնչացում:
  3. Լեհերու 10%- ի ոչնչացում (առանց հաշուելու ռազմական կորուստներ եւ Լիթուանիոյ եւ Ուքրանիոյ դաւաճաններուն կողմէ իրականացուող կոտորածները):
  4. Շուրջ 3 միլիոն սովետ գերիներու ոչնչացում:
  5. Գերմանիոյ սեւամորթ բնակչութեան ամբողջական բնաջնջում:
  6. Հոգեկան հիւանդներու եւ հաշմանդամներու ամբողջական վերացումը (երբ աշխատելու ունակութիւնը չի վերականգնիր աւելի քան 5 տարուան ընթացքին):
  7. Շուրջ 3 հազար միասեռականներու ոչնչացում:
  8. Իրենց ցուցակներու համակարգերու եւ զանգուածային ոչնչացման մեթոտներու մշտական ​​կատարելագործում (բազմաթիւ անմեղ զոհերու մահուան ճամբարներուն մէջ, եւ այլն):
  9. Դաժան ու անմարդկային նացիստական հետազօտութիւններ եւ փորձեր ​​Հոլոքոսթի զոհերուն վրայ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Niewyk, Donald L. The Columbia Guide to the Holocaust, Columbia University Press, 2000, p.45